2016-08-01 11:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ԵՀՕ կամաւորներուն` Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի յոյսն էք դուք։


(Ռատիօ Վատիկան)   ­ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին պաշտօնական հանդիպումը ունեցաւ ԵՀՕ կամաւորներուն ու յանձնախումբի անդամներուն հետ` Քրաքովիային 10 Քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող “Tauron Arena” մարզադաշտին մէջ։ Նախ քան հանդիպման վայր ուղղուիլը Սրբազան Քահանայապետը  Քրաքովի Արքեպիսկոպոսարանի պատուհանէն դուրս գալով վերջին հրաժեշտի խօսք ուղղեց այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն ու երիտասարդներուն անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։ ''Սրտանց շնորհակալութիւն, որ այստեղ եկաք ինծի բարեւելու'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ ''Սրտանց շնորհակալութեան այս օրերուն ջերմ ընդունելութեան համար։ "Do Widzenia!" – ցտեսութիւն''։

Իսկ ԵՀՕ կամաւորներուն հետ հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը մէկդի դնելով այս առթիւ պատրաստած պաշտօնական ճառը սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց անոնց որուն մէջ նախ  շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց հաւատքի վկայութեան համար,  ''զոր միացած աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած երիտասարդներու վկայութեան,  եկեղեցւոյ եւ աշխարհին համար  մեծ յոյս է'' ըսաւ Ան ու աւելցուց ''դուք սիրով նուիրելով Քրիստոսին` փորձարկեցինք ազնիւ գաղափարի համար յանձնառու ըլլալու գեղեցկութիւնը''։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա ԵՀՕ նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ այդ առընչութեամբ յանձնառումին ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւորներուն անոնց յարատեւ աղօթքներուն համար, ինչպէս նաեւ Քահանաներուն ու կղերական դասին  որոնք անոնց ընկերացան։

''Դուք. ըսաւ ապա Սրբազան Պապը. ապագայի յոյսն էք սակայն այս մէկը կը պահանջէ երկու պայմաններ. Առաջինը յիշողութիւն ունենալն է։ Հարց տալ ուրղտերէն կու գամ. Իմ ժողովուրդիս յիշատակները, ընտանիքիս ու համայն պատմութեանս յիշողութիւնը։ Որովհետեւ առանց յիշողութեան երիտասարդ մը չի կրնար յոյս ըլլալ ապագայի'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու յորդորեց այս մէկը ընել դիմելով չափահասներուն, ծնողներուն ու յատկապէս մեծ հայրիկներուն ու մեծ մայրիկներուն որոնցմէ ընդունիլ ''ճրագը'' եւ որոնք ժողովուրդի մը իմաստութիւնն են։

Երկրորդ պայմանը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Քաջութիւն ունենալն է։ Անվախ ըլլան է, ապա ակնարկեց այն երիտասարդին որ թէեւ քաղցկեղի հիւանդութենէ մահացաւ ու չկարողացաւ իրագործել իղձը մասնակցելու այս ԵՀՕ հաւաքին­, սակայն ունեցաւ քաջութիւնը դիմադրելու եւ պայքարելու այդ հիւանդութեան դէմ։ Այս երիտասարդը, ըսաւ Սրբազան Պապը, հոս է մեր հետ, որովհետեւ ապագայի համար յոյս սերմանեց։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց յառաջիկայ ԵՀՕ որոնք տեղի պիտի ունենան Փանամայի մէջ ընդգծելով թէ ինք չի գիտէր եթէ ներկայ պիտի ըլլայ այդ հաւաքին, սակայն վստահեցուց որ Պետրոս ներկայ կը գտնուի եւ ''Պետրոս ձեզի հարց պիտի տայ եթէ ձեզի տուած թելադրանքներս կատարեցիք'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց ամէն մին իր լեզուով աղօթել Մարիամին հուսկ ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.